ԿԻԶԱԿԷՏ
Թուրքիա Սուղ Պիտի Վճարէ Հայութիւնը Իր Բնօրրանէն Արմատախիլ Ընելու Գինը…
ԿԱՐՕ ՄՈՄՃԵԱՆ
Երէկ, ինչպէս կը պատահի գրեթէ ամէն օր, Ֆրանսայէն քիւրտ մէկ բարեկամս «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ խօսակցութեան բռնեց զիս: Փաղաքշական խօսքերէ ետք խօսակցութիւնն ընթացաւ Հայկական ու Քրտական հարցերու ուղղութեամբ: Մուսթաֆան Տիարպէքիրի մօտակայ գիւղերէն է: Սակայն ան 20 տարիէ ի վեր Թուրքիա չէ վերադարձած: Ան հարց տուաւ ինծի, թէ ինչպէ՞ս էր Թուրքիա կատարած վերջին այցելութիւնս, երբ նաեւ այցելած էի Հայկական Կիլիկիան ու նախահայրերուս օրրանը հանդիսացող Մարաշը: Ըսի, որ ուրախ էի որ այցելեցի, բայց միաժամանակ յուսախափ, որ հոն շատ բան չգտայ ընտանիքիս ու ազգիս վերաբերող: Մուսթաֆա ապա հարցուց, թէ ի՞նչ է մօտեցումս Ցեղասպանութեան նկատմամբ: Ըսի, որ այդ կատարուած իրողութիւն համարուող դէպք է, բայց թէ այդ գծով կրնամ թուրք բարեկամներուս խօսիլ, նոյնիսկ՝ զայն հերքողներուն հետ: Զարմանալի էր Մուսթաֆայի պատասխանը: Ան ըսաւ, որ իմ թշնամիին հետ «խօսելու» կարելիութիւնը կամ պատրաստակամութիւնը, հետեւանք է այն իրողութեան, որ ես ցեղասպանութեան ուղղակիօրէն ենթարկուած սերունդին մաս չեմ կազմեր եւ դէպքէն ժամանակային հեռաւորութիւնը արդէն իսկ իր ազդեցութիւնը ունեցած է վրաս: Ան նաեւ աւելցուց, որ ինք երբեւիցէ պատրաստ չէ զիջելու, որովհետեւ իր մորթին վրայ զգացած է թրքական ազգային պետութեան խտրական քաղաքականութիւնն ու քիւրտերու դէմ 70ականներուն գործադրուած ջարդերը…
Շշմեցայ: Թէեւ գործիս ու կապերուս բերումով նման խօսակցութիւններ շատ ունեցած եմ ու տակաւին կ՛ունենամ Թուրքիոյ մէջ ապրող կամ ալ անկէ հեռացած քիւրտերու հետ, երբ բոլոր միտքերն ալ կը յանգին այն եզրակացութեան, որ քիւրտերը հիմնական հարց մը ունին Թուրքիոյ մէջ, սակայն անոնցմէ ոչ ոք այս աստիճանին դիպուկ ախտաճանաչում կատարած էր «թշնամիին հետ խօսելու» պատրաստակամութեանս նկատմամբ: Եւ, ահաւասիկ քիւրտ մը ինծի կ՛ըսէր, որ ես թուլցած եմ… թէ՝ ժամանակի բերումով մոռցած եմ եղելութեան ահաւորութիւնը:
Ինչո՞ւ մէջբերեցի այս պատահարը: Այսօր, Թուրքիոյ մէջ քրտական հարց մը գոյութիւն ունի: Այդ հարցը 1970ականներէն ի վեր բռնկած է: Թուրք ազգայնական պետութիւնը աւելի քան 30 տարի փորձեց այդ հարցը փակել իր գիտցած միակ ձեւով՝ ճնշելով ու ճզմելով քրտական ազատագրական որեւէ փորձ: Իսկ հիմա իսլամական կառավարութեամբ օժտուած «նոր» Թուրքիան, ի տես 21րդ դարու պայմաններուն ու Եւրոմիութեան մասնակցելու իր մղձաւանջին, կը փորձէ «մշակութային ազատութեան» ու «տնտեսական բարգաւաճման» միջոցներով ընել այն, զոր իր նախորդները չկրցան ընել բիրտ ուժի գործածութեամբ:
Այս իմաստով էր նաեւ, կը կարծեմ, որ «Ասպարէզ»ի խմբագիրը քանի մը օր առաջ, իր «Օրը Օրին» սիւնակով կը գրէր.
«…(Թուրք) Կառավարութեան ծրագիրը աւելի մշակութային եւ կրթական ոլորտէն ներս բարեփոխումներու վրայ կարծես պիտի հիմնուի՝ քրտերէնի ու քրտական մշակոյթի վրայ դրուած արգելքները մասնակի կամ ամբողջովին վերցնելով:
…Այս հանգրուանին, մեր մամուլին մէջ քրտական հարցի լայն քննարկման եւ ուսումնասիրման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի: «Ասպարէզ» կը դիմէ քաղաքագէտներու ու մտաւորական շրջանակին՝ ձեռնամուխ ըլլալու քրտական հարցի հրապարակային քննարկման, լուսաբանելով խնդիրի ծալքերը, ազդեցութիւններն ու փոխազդեցութիւնները շրջանային այլ զարգացումներու վրայ»:
Այստեղէն մէջտեղ եկաւ այս յօդուածը գրելու միտքը:
Սակայն, Քրտական հարցի այժմու կացութիւնը վերլուծելէ առաջ պէտք է որոշ պատմական որոշ տուեալներ ու տեղեկութիւններ փոխանցենք ընթերցողին:
Քիւրտ Ազատագրական շարժումը 20րդ դարու 70ականներուն չէ որ ծայր առաւ. իրականութեան մէջ, անոր ծագման պատմութիւնը մեզ կը տանի մինչեւ 1830ական թուականները, ուր որոշ քիւրտ իշխաններ փորձեր կատարեցին ազատութեան հասնելու համար: Այդ փորձերուն դէմ հիմնական խոչընդոտը քիւրտերու աշիրաթական համակարգն էր, զոր օսմանեան իշխանութիւնները լաւագոյնս օգտագործեցին՝ ապստամբ քիւրտ իշխաններու շարժումները իրենց իսկ ազգակիցներուն միջոցաւ խամրեցնելու: Ետքը եկաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ քիւրտերը դարձեալ իբրեւ «գործիք» օգտագործուեցան այդ փուլին մէջ: Ապա եկաւ 1925ի Շէյխ Սայիտ Բիրանի «Տէրսիմեան ապստամբութիւն»ն ու 1930ականներու «Արարատեան ապստամբութիւն»ը: Այս բոլոր փորձերն ալ ի դերեւ եկան եւ Քեմալական Թուրքիան այնուհետեւ երկաթէ թաթով ճզմեց քրտական ապստամբական որեւէ փորձ՝ քիւրտերը «լեռնային Թուրքեր» պիտակելով ու այդ իմաստով զանոնք թրքացնելու յատուկ քաղաքականութիւն որդեգրելով: Այս գծով տեսնել իմ հետեւեալ ելեկտրոնային կայքէջը. http://kurdishissuetoday.blogspot.com.
Տրուած ըլլալով, որ տասնամեակներու քիւրտերու թրքացման քաղաքականութեան անյաջողութիւնը իր կարգին շշմեցուցած էր թուրք ազգայնական աւագանին, Թրքական Պատմութեան կաճառի նախկին տնօրէնը՝ Եուսուֆ Հալաճօղլուն, ձեռքին մէջ միշտ կը ճօճէր (տակաւին վերջերս ալ նմանօրինակ յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գար) անուանացանկը այն հայերուն, որոնք ճողոպրելով Ցեղասպանութենէն՝ հաստատուած էին Տէրսիմի լեռնային շրջանները ու թթխմորը հանդիսացած 1925ին (նաեւ՝ 1930ականներու վերջաւորութեան) տեղի ունեցած ապստամութեան եւ, աւելի ետք, 1930ականներուն՝ Արարատի մէջ պայթած Քրտական ապստամբութեան: Հալաճօղլու նման յայտարարութեամբ կը փորձէր չքմեղանալ, որ իբր թէ «լեռներու Թուրքերը» (իմա՝ քիւրտերը) չէին, որոնք ապստամբութեան ելած էին կառավարութեան դէմ, այլ՝ անոնց ետին թաքնուած հայերը, որոնք, կարծես, արմատախիլ եղած չըլլային իրենց բնօրրանէն:
Հոս հարցումը, որ ինքզինք կը պարդատրէ այն է, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար կացութիւնը, եթէ հայութիւնը ցեղասպանական արարքին հետեւանքով հեռացած չըլլար «արեւելեան Անատոլու»էն: Այս մասին բաւական լուրջ խօսակցութիւններ ունեցած եմ թուրք ակադեմականներու հետ: Նոյնիսկ եթէ հրապարակային կերպով չեն արտայայտուիր այս մասին, անոնք թաքուն կերպով կը խոստովանին, որ հայութեան փոքր հարցը լուծելով՝ Թուրքիա ինքզինք աւելի մեծ հարցի մը առջեւ գտաւ: Այլ խօսքով, Պատմական Հայաստանի Արեւմտեան մասը պարպելով իր բնիկ ու մշակութապէս, տնտեսապէս ու սոցիալապէս առաջատար տարրէն՝ ան առիթ ընծայեց, որ այդ շրջանները ետ մնան բարգաւաճումէ ու, հետեւաբար, հոն բնակող քիւրտերը, իրենց ընկերա-տնտեսական յետամնաց վիճակին բերումով խնդրահարոյց տարր դառնան:
Հետաքրքրական է այս մօտեցումը: Սա կը նշանակէ, որ հայութեան պարտաւորուած բացակայութիւնը պատճառ դարձած է քրտական բողոքի բռնկման: Կարծէք հայութիւնը այս ձեւով իր վրէժը կը լուծէ իր դէմ գործադրուած ահաւոր ոճիրին համար:
Եւ իրաւացի է ասիկա: Գացէք ու պտտեցէք այդ շրջանները ու պիտի տեսնէք, որ ի հեճուկս Արեւմտեան Անատոլուի բարգաւաճման, Արեւելեան Թուրքիան ընդհանրապէս թերաճ է, իսկ ժամանակը չէ կրցած լուծել այդ հարցը: Այս նաեւ դաս մըն է թուրք ազգայնականներուն, որոնք կարծեցին, թէ հայութիւնը արմատախիլ ընելով պիտի լուծեն հարցը: Պատմութիւնը այդ ցոյց չտուաւ սակայն, այլ ընդհակառակն, եթէ բան մը ցոյց տուաւ, ապա այն է, որ հայութեան հեռացումը ուղղակի ազդեցութիւն ունեցաւ այս պարագային քրտական մեծամասնութիւն ունեցող շրջաններու յետամնացութեան: Ասոր մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցան նոյնինքն թուրք ազգայնականները, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց բարգաւաճման ծրագիրներէն դուրս ձգեցին քիւրտերով բնակուած շրջանները ու այդպիսով պատճառ դարձան ներկայ կացութեան:
Հիմա գանք բուն հարցին: «Ասպարէզ»ի խմբագիրը հետեւեալ ձեւով կը բնութագրէ այդ.
«Այս անգամ քրտական հարցը «լուծման» տանող քարտէսի մը մասին կը խօսին Թուրքիոյ մէջ:
Քարտէսի առաջարկ մըն ալ կը սպասուի Քրտական բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանէն:
…Օչալանի քարտէսը, որ պէտք է աւելի հետամուտ ըլլայ քրտական ազգային շահերու պաշտպանութեան, այն ուրուագծով, որ երեւացած է մամուլի մէջ, կը կեդրոնանայ ժողովրդավար մէկ պետութեան մէջ գոյակցութեան պայմաններու ստեղծման վրայ՝ գլխաւորաբար տեղական ինքնավարութեան սկզբունքը առաջադրելով, հաւանաբար յոյս ունենալով քրտական մեծամասնութիւն ունեցող նահանգներու շրջաններուն մէջ անկախութեան մօտիկ կարգավիճակ ստեղծել:
…Կառավարութեան ծրագիրը աւելի շատ, կարծէք, մշակութային եւ կրթական ոլորտէն ներս բարեփոխումներու վրայ պիտի հիմնուի՝ քրտերէնի ու քրտական մշակոյթի վրայ դրուած արգելքները մասնակի կամ ամբողջովին վերցնելով»:
Ուրեմն Հայաստանի հետ սահմաններ բանալու ու կապեր սերտացնելու տխրահռչակ «ճամբու քարտէս»ի կողքին, այսօր Քրտական «ճամբու քարտէս» մըն ալ կա՞յ:
Ծիծաղելի բան: Ես չեմ կարծեր, որ նման «ճամբու քարտէս», եթէ նոյնիսկ ալ այդպէս բան մը կայ, որեւէ լուծման պիտի առաջնորդէ:
Ճիշդ է, որ Թուրքիոյ ղեկին նստած այս նոր իսլամական կառավարութիւնը հետաքրքրական նորութիւններ կը բերէ իր արտաքին քաղաքականութեան մարզէն ներս: Բայց այդ նորութիւնները լուծումներու թարգմանելու կարելիութիւնները տակաւին շատ խակ են, չըսելու համար ամուլ, նկատի ունենալով, որ Թուրքիա միմիայն լարախաղացութիւն կ՛ընէ ու իսկական լուծումներու մասին չի մտածեր:
Ասոր լաւագոյն օրինակը Հայաստանի հետ սահմաններու բացման հարցն է: Օրին, Թուրքիա այդ խաղաքարտը գործածեց ԱՄՆի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը ձախողեցնելու համար:
Թուրքիա տակաւին Ատրպէյճանին հետ իր «բարեկամութիւն»ը կ՛օգտագործէ Հայաստանի հետ իր ունեցած «ճամբու Քարտէս»ը Ղարաբաղեան հարցին կապելու համար: Ատրպէյճանի հետ բարեկամութիւնն ալ Թուրքիոյ հոգն էր: Ան Ատրպէյճանի հետ «բարեկամութիւն» կը խաղայ պարզապէս, որովհետեւ խիստ կարիքն ունի անոր քարիւղին: Եթէ այդ «բարեկամութիւնը» այդքան կարեւոր է ու ռազմավարական, ապա ինչպէ՞ս բացատրել Թուրքիոյ վերջերս Ռուսիոյ հետ կնքած գործակցութեան ու բարեկամութեան համաձայնագիրներու շարքը, որոնց մէկ կարեւոր մասը Թուրքիան քարիւղով եւ ուժանիւթով մատակարարելու կը վերաբերի:
Տակաւի՛ն, ինչպէ՞ս բացատրել Ատրպէյճանի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման համար թափուած դրամն ու կազմակերպուած արշաւները: Ատրպէյճանին ի՞նչ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եթէ ոչ այն, որ այդ միայն կը ծառայէ իբրեւ խաղաքարտ՝ Թուրքիան իրեն մօտ պահելու համար, մանաւանդ որ Վրաստանի անցնող տարուան ձախող փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ չիք օգնութիւն Արեւմուտքէն ու ԱՄՆէն ընդդէմ Ռուսիոյ:
Եթէ այս բոլորը ցուցանիշեր են Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան, ապա շատ բան պէտք չէ ակնկալել Քրտական հարցին վերաբերող նոր «ճամբու քարտէս»էն: Այս մէկը եւս Արեւմուտքի աչքին փոշի ցանելու թրքական սադրանքի սահմաններէն անդին չ՛անցնիր:
Տակաւի՛ն, Քրտական հարցին վերաբերող նոր «ճամբու քարտէս»ին տուն տուող պատճառներու շարքին են Իրաքի քրտական մասի ապագայի պարագան: Թուրքիա, ախորժակ ունենալով Քէրքուքի քարիւղին, ու ամբողջովին դէմ ըլլալով Իրաքի տարանջատումով անկախ Քիւրտիստանի մը ստեղծման՝ անշուշտ ամէն ջանք պիտի թափէ նման ընթացք կասեցնելու: Հետեւաբար, այս իմաստով, իր ներքին «Քրտական ճամբու քարտէս»ը մէկ այլ խաղաքարտ է…
Տակաւին շա՛տ կարելի է գրել հարցին մասին: Բայց, անսալով խմբագիր ընկերոջս կոչին՝ կանգ կ՛առնեմ հոս: Չմոռնանք, սակայն, որ հրապարակը բաց է «քրտական հարցի քննարկման համար՝ լուսաբանելով խնդիրի ծալքերը, ազդեցութիւններն ու փոխազդեցութիւնները շրջանային այլ զարգացումներու վրայ…»:
Օգոստոս 21, 2009
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment